2016-03-22 10:00:00

Կարդինալ Պենիամինօ Սթելլա` կ՛ոգեկոչէ եկեղեցւոյ նոր նահատակները


(Ռատիօ Վատիկան) Sant'Egidio հասարակութիւնը Հռոմի մէջ եւ այլուր,  կ՛ ոգեկոչէ քրիստոնեայ նոր նահատակները, որոնք իրենց արիւնը թափեցին Քրիստոսի սիրոյն համար։

Երեքշաբթի, 22 Մարտ երեկոյեան ժամը 6.30-ին, Հռոմի Սրբուհի <> պազիլիքայի մէջ  կարդինալ Պենիամինօ Սթելլա` Սուրբ Աթոռի կղերական դասի կառավարիչը,  հոգեհանգստեան պատարագ կը մատուցէ բոլոր այն քրիստոնեաներուն դիտաւորութեան, որոնք իրենց արիւնը թափեցին Քրիստոսի սիրոյն, եւ բոլոր անոնց` որոնք  հալածուած եւ  զոհ են զանազան  խտրականութիւններուն՝  կեանքի ու կրօնական ազատութեան ժխտումի հետեւանքով։

Յայտնենք, թէ ֆրանչիսկոս Պապը յաճախ կրկնած է ՝թէ  մեր եկեղեցին 21-րդ դարուն, նահատակներու եկեղեցի է։  Ներկայիս, եկեղեցին հալածուած է Ամմանի, Փաքիստանի, Նիճերիոյ, ինչպէս նաեւ  Միջին Արեւելքին մէջ։

Sant'Egidio հասարակութիւնը, մասնակցութեամբ այլ եկեղեցիներու, համամիութենական աղօթք կատարելով, կը յիշատակէ 21 դարու հալածուած ու նահատակուած անմեղ քրիստոնեաները ։








All the contents on this site are copyrighted ©.